Deprecated: Function curl_close() is deprecated since 8.5, as it has no effect since PHP 8.0 in /home/u483256323/domains/poorvam.com/public_html/subdomains/pore/includes/api.php on line 184
Back to Search View Original Cite This Article

Abstract

<jats:p>Դարձուածքները կարող են յայտնուիլ նախադասութեան մէջ յայտնելով փոխաբերական եւ ուղղակի իմաստներ: Դարձուածային միաւորներ արտայայտող բաղադրիչներ ունեցող դարձուածքները շատ հետազօտողներու կողմէ կը համարուին լեզուի գունաւոր կողմը: Հետեւաբար, աշակերտներուն լեզուն պէտք է այնպէս սորվեցնել, որ կարողանան յանգեցնել հմտութիւններու զարգացման։ Փաստօրէն, դարձուածքներու տիրապետման մակարդակը կը ծառայէ որպէս թիրախ լեզուի իմացութեան կարեւոր ցուցիչ: Դարձուածային միաւորներու ուսուցումն ու սորվիլը կ՚օգնէ բացայայտել միտքի ճանաչողական գործընթացները ստեղծագործական մտածողութեան մէջ: Միեւնոյն ժամանակ, այն կը նպաստէ այլ լեզուական հմտութիւններու ձեւաւորման՝ խօսելու, կարդալու եւ այլն: Նաեւ կարող է յանգեցնել զգալի ձեռքբերումներու՝ բառապաշարի եւ ոճական գիտակցութեան մէջ, որ կը ներառէ գիտակցուած ընկալում եւ ըմբռնում` դարձուածքներու հիմնական ձեւի եւ իմաստի փոփոխութիւնները, բնագիրի ոճական համախմբուածութիւնը եւ ընդհանուր բնագիրին նոր իմաստի ստեղծումը։ Դպրոցին մէջ դարձուածքներու ուսուցումը գերազանցապէս նպատակ ունի հարստացնելու աշակերտներու բառապաշարը պատկերաւոր արտայայտչամիջոցներով, ինչպէս նաեւ, ծանօթացնելով դարձուածքներու առաջացման պատմութեան, աշակերտներուն տեղեկութիւններ հաղորդելու հայերէնի բարբառներու, ժողովրդական բանահիւսութեան, աւանդոյթներու, առասպելներու վերաբերեալ: Յօդուածը կ՚ուսումնասիրէ արեւմտահայերէն դարձուածքներու դերը լեզուի դասաւանդման գործընթացին մէջ եւ անոնց ուսուցանման ժամանակակից մեթոդները: Յատուկ ուշադրութիւն կը դարձուի դարձուածքներու դերին՝ որպէս լեզուի իմացութեան մակարդակի ցուցիչներէն մէկը: Սոյն աշխատանքով կը փորձենք ցոյց տալ, թէ ինչ ժամանակակից մեթոդներ կարելի է կիրառել արեւմտահայերէն դարձուածքները ուսուցանելու համար, հիմք ընդունելով այն փաստը, որ արեւմտահայերէն դասագիրքերուն մէջ կը բացակային տուեալ թեմայի ուսուցումը։</jats:p>

Show More

Keywords

եւ կը մէջ դարձուածքներու լեզուի

Related Articles


Deprecated: Function curl_close() is deprecated since 8.5, as it has no effect since PHP 8.0 in /home/u483256323/domains/poorvam.com/public_html/subdomains/pore/includes/api.php on line 76
PORE

About

Connect